Մեր ազգի հզորության աղբյուրը իր հավաքական ներուժն է․ Արամ Ա

Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոս Արամ Ա-ն իր ֆեյսբուքյան էջում գրել է․

«Մեր ազգին հզօրութեան աղբիւրը իր հաւաքական ներուժն է, եւ այդ հաւաքական ներուժը կազմող՝

– մեր արժէքներուն նկատմամբ մեր ունեցած անշեղ հաւատարմութիւնը.
– մեր ձգտումներուն հասնելու մեր անտեղիտալի յանձնառութիւնը.
– Հայաստանը ու Արցախը հզօրացնելու մեր անբեկանելի վճռակամութիւնը.
– Սփիւռքը վերակազմակերպելու մեր հետեւողական ճիգը.
– եւ այս բոլորին մղում տուող՝ մեր անխորտակելի հաւատքն ու միասնականութիւնը: Ուրիշ ճանապարհ չունինք:

Այլապէս, մեր կեանքի երկնակամարին վրայ մութ ամպեր պիտի կուտակուին: Հարկ է այնպէս մտածել ու ծրագրել, գործել ու պայքարիլ, որ մեր կեանքի հորիզոնին վրայ բազմանան մեր ազգին «վարդահեղեղ արշալոյս»ը աւետող ճառագայթները»: