Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, հեռու ամէն տեսակ տօնախմբութիւններէ ու ցուցական երեւոյթներէ, իւրաքանչիւր հայու համար հարկ է դառնայ ԱՂՕԹՔԻ ՕՐ. Արամ Ա կաթողիկոս

ԱՂՕԹՔԻ ՕՐ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ 21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ

Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, հեռու ամէն տեսակ տօնախմբութիւններէ ու ցուցական երեւոյթներէ, իւրաքանչիւր հայու համար հարկ է դառնայ ԱՂՕԹՔԻ ՕՐ:

Արդ, եկէք, սիրելի հայորդիներ, անհատաբար թէ հաւաքաբար, իւրաքանչիւրս իր վայրին մէջ եւ իր եղանակով աղօթենք՝

Աղօթենք, մեր զոհուած նահատակ զինուորներուն եւ ազգակիցներուն հոգիներու խաղաղութեան համար:

Աղօթենք, վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար:

Աղօթենք, Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան պահպանման համար:

Աղօթենք, Հայաստանի ու Արցախի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան ամրացման համար:

Աղօթենք, հայոց աշխարհի պաշտպանութեան լծուած հայոց բանակին հզօրութեան համար:

Աղօթենք, հայ ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդման համար:

Հաւատքով զսպանակուած ու յոյսով շաղախուած աղօթքի ճամբով Աստուած ներկայութիւն կը դառնայ մեր կեանքին մէջ, մենք Աստուծոյ հետ կ՚ըլլանք եւ Աստուած՝ մեզի հետ: Եւ երբ Աստուած մեզի հետ է, Դաւիթ մարգարէի խօսքով՝ «ոչինչ կրնայ զիս սասանեցնել» (Սղ 16.8 ) եւ Պօղոս առաքեալին հաստատումով՝ «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31):

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ