Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միության կոչը զգաստության, արիության և միասնականության

Անցնող քառասունչորս օրերը, մեր ազգին համար հանդիսացան հոգեկան ծանր ապրումներու շրջան մը, հպարտութեան, խանդավառութեան, հերոսութեան, վախի, բարկութեան, յուսախաբութեան եւ տխրութեան խառն զգացումներով: Այժմ, կողմնորոշուելու եւ մեր հետագայ գործընթացը ճշդելու այս հանգրուանը կրնայ վախազդու թուիլ մեզի, սակայն նման պահերու է որ հայութիւնը դրսեւորած է իր նկարագիրի ամրութիւնը եւ կամքի տոկունութիւնը: Մենք վերապրած եւ գոյատեւած ենք միշտ: 

Հազարամեակներ շարունակ մեր գոյութեան ընթացքին,  մեր ժողովուրդը իր ոգեկան հզօրութեամբ դիմակալած է բոլոր տեսակի խոչընդոտներ եւ ուժեր, որոնք փորձած են ընկճել մեզ:  Քաղաքակրթական մեր ժառանգութիւնը եւ աւանդը, յատկանշուած են յարատեւ իրագործումներով: Այսպիսի պահերու, երբ խորտակուած ըլլալու զգացումը կրնայ վհատեցնել մեզ, պէտք է նայինք մեր պատմութեան, եւ քաջալերուինք մեր ժողովուրդի հաստատակամութեան եւ յաւերժութեան ամէնապայծառ օրինակներով:

Քառասունչորս օրեր շարունակ, հայութիւնը, աշխարհի տարածքին, միաձուլեց իր ներուժն ու կամքը եւ ամենուրէք լսելի դարձուց իր ձայնը: Անծանօթներ, միասնական պայքարի զօրակիցներ ու գործակիցներ հանդիսացան: Մեր հողերուն եւ մեր ազգակիցներուն դէմ շղթայազերծուած անակնկալ յարձակումը միացուց մեզ, մէկ գաղափարախօսութեան շուրջ համախմբելով մեր ժողովուրդը:

Այս իրականութիւնն է որ պիտի մղէ մեզ կերտելու մեր պատմութեան նոր ժամանակաշրջանը: Այս նոր հանգրուանին, մենք պիտի շարունակենք գործել միասնաբար, յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտները: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի բերէ իր մասնակցութիւնը, մեր ազգին եւ ժողովուրդին համար անհրաժեշտ ապաքինումի եւ վերաշինութեան աշխատանքներուն:

Մենք պէտք է հանդարտութեամբ տոգորենք մեր սիրտերը   եւ համախմբուինք ազգաշինութեան միեւնոյն ոգիով: Ասիկա մեր պարտքն է, այն բոլոր հերոսներուն նկատմամբ, որոնք նուիրաբերեցին իրենց կեանքերը, վիրաւորներուն, որոնք ապաքինումի ընթացքի մէջ են այսօր  եւ բոլոր անոնց, որոնք կը սգան իրենց կորուստները: Հայաստան կարիքը ունի մեր բոլորին: Արցախը կը կանչէ մեզ: Աւելի քան երբէք, մենք պէտք է միացնենք մեր ուժերը:

Զգաստութեան պահն է: Անհրաժեշտ է, որ մեր պատմութեան բախտորոշ այս հանգրուանին, մեր ժողովուրդը ըլլայ գիտակից, միասնական եւ օրինապահ, զօրավիգ կանգնի պետութեան եւ մեր ազգային կառոյցներու անվտանգութեան: Կոչ կ’ուղղենք մեր ազգի նուիրեալներուն, անհատներու, մարդասիրական կամ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին, գործելու միասնական ոգիով, ընդդէմ բոլոր մարտահրաւէրներուն:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, ինպէս միշտ, պատրաստ է ծառայելու ազգին: Պատրաստ, նախաձեռնելու երբ կարիքը կը ներկայանայ: Պատրաստ, զօրակցելու մեր ժողովուրդին, պետութեան եւ եկեղեցիին:

Միութեամբ Միշտ Հզօր