Արամ Ա-ի ակնարկը Գարեգին Բ-ին. Եկեղեցի շինելը կարեւոր է, բայց…

Արամ Ա-ի ակնարկը Գարեգին Բ-ին. Եկեղեցի շինելը կարեւոր է, բայց...
Արամ Ա-ի ակնարկը Գարեգին Բ-ին. Եկեղեցի շինելը կարեւոր է, բայց…

Այսօր Էջմիածնում Հայ առաքելական եկեղեցու համաժողովին ելույթ է ունեցել նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա-ն: Նրա ելույթից որոշ հատվածներ ներկայացնում ենք ստորեւ.

«Անկասկած, ընկերութեան կեանքին մէջ ինքզինք արտայայտող եկեղեցին կարիքը ունի վարչակազմակերպչական դրութեան, ինքնարտայայտման կերպերու ու իր գոյատեւումը ապահովող կառոյցներու: Սակայն եկեղեցին իր էութեամբ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով ու ճշմարտութիւններով շաղախուած ժողովուրդի համայնական կեանքն է: Եկեղեցի շինելը բնականաբար կարեւոր է, սակայն եկեղեցի դառնալը շատ աւելի կարեւոր է:

Անհրաժեշտ է հաւատարիմ մնալ համաքրիստոնէական արժէքներուն, սկզբունքներուն ու աւանդութիւններուն` միաժամանակ ըլլալով նախանձախնդիր հայ եկեղեցւոյ իւրայատուկ ինքնութեան:

Անհրաժեշտ է հաւատարիմ մնալ հայ եկեղեցւոյ ամբողջականութեան ու միութեան անվթար պահպանման` միաժամանակ ոչ–հիմնական հարցերուն գծով զգայնութիւն ու ճկունութիւն ցուցաբերելով տեղական իւրայատուկ պայմաններուն նկատմամբ:

Այսօր երբ մէկը շրջագայի մեր եկեղեցիներէն ներս, ինքզինք դէմ յանդիման պիտի գտնէ ակնյայտ հակասութիւններու ու տարբերութիւններու` յատկապէս արարողական ձեւերուն, ծիսական աւանդութիւններուն ու երաժշտական եղանակներուն կապուած:

Արդ, անհրաժեշտ է կատարել յստակեցում, սրբագրում, դասաւորում ու զտում` մեր եկեղեցւոյ ամբողջականութիւնը վերաշեշտող»: 

http://www.lragir.am