Արամ Ա Կաթողիկոսի նոր հայտարարությունը

Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա-ն հայտարարություն է տարածել, որում ասվում է հետևյալը․

«Հոգեւոր ու բարոյական հարցերու առընթեր, եկեղեցին նաեւ հասարակութիւնը յուզող հիմնահարցերու նկատմամբ ըսելիք ու ընելիք ունի։ Այսպէ՛ս եղած է ու պէտք է ըլլայ մանաւանդ ազգային նկարագիր ու առաքելութիւն ունեցող հայ եկեղեցին։

Հայաստանին ու Արցախին առնչուած եւ համահայկական բնոյթ ունեցող հարցերու գծով, փտածութենէն մինչեւ արտագաղթ եւ Արցախի վերջին պատերազմը, Մենք, իբրեւ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Մեր մտահոգութիւնը ու տեսակէտը յստակօրէն պարզած ենք, ինչպէս նաեւ լուծումներ առաջարկած՝ թէ՛ Անթիլիասի եւ թէ Երեւանի մէջ։

Ա՛յս է իր հաւատքի առաքելութեան ճամբով ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայութեան կոչուած մեր եկեղեցւոյ ճշմարիտ կոչումը»։