Կիլիկիո թեմի առաջնորդ Արամ Ա Կաթողիկոսը իր ֆեյսբուքյան էջում գրել է.
«Երեւանի երկու տարբեր հրապարակներու վրայ հաւաքուած նոյն ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ անհրաժեշտ է փոխադարձ հասկացողութեան ու վստահութեան կամուրջներ հաստատել։
Եւ աւելի՛ն. հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է նո՛յն եւ մէ՛կ հրապարակի վրայ հաւաքուին՝ ի խնդիր Հայաստանի փրկութեան ու հզօրութեան։ Ա՛յս պէտք է դառնայ օրուան հրամայականը։ Ա՛յս կը պահանջէ հայրենիքին նկատմամբ իւրաքանչիւր հայու ունեցած հաւատարմութիւնն ու պարտաւորութիւնը։
Հայրենիքին ներկան ու ապագան ճշդողը ժողովուրդին հաւաքական կամքն է»։